
On behalf of the Armenian Community Council of the UK, we express our most sincere condolences to the Jojaghaian and Boghossian families for their loss.
Dr Antranik Jojaghaian had served as a valued member of the Armenian Community & Church Council and was a very well loved and respected member of our community in London.
Please see Antranik’s tribute page here where you can find information on charitable donations in his honour in lieu of flowers.
May he rest in peace.
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՋՈՋԱՂԱԵԱՆ
1952 – 2020
Վանայ Լիճի հարավը գտնուող Հայոց Ձոր գավառէն՝, Հայոց Ցեղասպանութիւնէն մազապուրծ եղած եւ Իրաք հաստատուած Ջոջաղաեան ընտանիքի Յարութիւն եւ Փարինազ Ջոջաղաեաններու անդրանիկ տղայ զաւակը` Անդրանիկ Ջոջաղաեան կարճ հիւանդութիւնէ մը ետք իր մահկանացուն կնքեց 29 Դեկտեմբեր 2020-ին։ Ան աւագ եղբայրն էր Յովակիմ Ջոջաղաեանին եւ երեք քոյրերու՝ Լիդեա, Ազատուհի եւ Արմենուհի Ջոջաղաեաններու։
Անդրանիկ Ջոջաղաեան ծնած է 1952 թուականին Իրաք՝ Մուսուլ քաղաք։ Փոքր տարիքին ընտանիոք փոխադրուած են Պասրայ քաղաք բնակութիւն հաստատելով Պասրայ – Պաղտատ երկաթուղագծի աշխատողներուն հատկացուած թաղամասին մէջ։
Անդրանիկ իր նախնական կրթութիւնը կ՛ստանայ “Մարգիլի Հայոց Ազգային Վարժարան“-էն, ապա տեղւոյն պետական երկրորդականը աւարտելով կ’ընդունուի Պասրայ Համալսարանի Ինջիներական Գոլէճի Շինարական բաժանմունք (Civil Engineering) որը կ՛ավարտէ 1975-ին փայլուն յաջողութեամբ ստանալով B.Sc վկայականը։ Համալսարանի գնահատմամբ շուրջ 200 ուսանողներու մէջէն Անդրանիկ առաջինն էր․ հանգամանք՝ որը առիթը ընծայեց անոր հետագային արժանանալու օտար երկիրի մը մէջ ուսումը շարունակելու պետական կրթաթօշակին։
Ըստ ժամանակուայ պետական օրէնքին շուրջ երկու տարի Իրաքեան բանակին մէջ ծառայելէ ետք կը նշանակուի որպէս ճանապարհային շինարարական ինջիներ Իրաքի Էլամառա քաղաքին մէջ։ 1978 թուականին Անդրանիկ կը ճամբորդէ Անգլիա՝ Շէֆիլդ համալսարան շարունակելու իր ուսումը որը կ՛ավարտէ 1983-ին տիրանալով Մագիստրատուրայի (M.Sc) եւ Դոքտորայի (Ph.D) վկայականներուն մասնագիտութիւն ընտրելով կառուծուածքային շինարարական ինջիներական (Structural Engineering) ճիւղը։ Վերադառնալով Իրաք՝, Պասրահ քաղաք կը նշանակուի որպէս դասախօս Պասրայի Համալսարանին մէջ ու ապա տնօրէն Ինջիներական Քոլէջի Շինարարական Բաժանմունքին։
1985 թուականին կ՛ամուսնանայ Պասրահայ Համբարձում եւ Նուէր Պօղոսեաններու ընտանիքի ամենակրտսեր աղջիկ զաւակին Սոնիկի հետ ու կը բախտաւորուին երկու զաւակներով՝ Ալեակ եւ Հերոս։
1992 թուականին կ’որոշեն ընտանիոք հեռանալ Իրաքէն։ Կ’անցնին Յորդանան ուրկէ ընտանիքը կը կարողանայ անմիջապէս անցնիլ Լոնտոն, Անգլիայ իսկ ինքը պարագաներու բերումով կը շարունակէ մնալ Յորդանան ուր կը գործէ իր մասնագիտութեամբ շուրջ 3 տարի ու ապա 1995-ին կը միանայ ընտանիքին՝ Լոնտոն։ Ան շատ արագ կը գտնէ համապատասխան աշխատանքը իր մասնագիտացած ասպարէզին մէջ ու կը շարունակէ գործել մինչեւ իր կեանքի վերջին օրերը։
Անդրանիկ ծնած ու մեծցած ըլլալով Հայրենասէր ու ազգասէր ընտանիքի մէջ ամէն ջանք ի գործ դրած է ըլլալու հնազանդ հետեւորդը իր ընտանիքի սովորութիւններուն ու ավանդութիւններուն։ Փոքր տարիքէն իր մասնակցութիւնը բերած է դպրոցական հանդէսներուն ու ապա ակումբային երգչախումբերուն, թատերախումբերուն եւ այլ ելոյթներուն։ Անդամակցած է տեղւոյն պատանեկան կազմակերպութեան ապա 1971-ին անցած ՀՅԴ շարքերը մասնակցելով Պասրայի Հայ ուսանողաց միութեան։ 1980-ական թուականներուն իր Պասրայ գտնուած ժամանակին կ՛անդամակցի Հայ Երկսեռ Երիտասարդաց միութեան ստանձնելով վարչականի պատասխանատու պաշտօնը։ Հետագային հաստատուելով Լոնտոն իր զանազան պարագաներու բերումով անկարող կ՛ըլլայ շարունակելու իր ազգային աշխատանքը կուսակցութեան շարքերէն ներս սակայն որպէս հավատացեալ գաղափարական կը մնայ մօտիկ համակիրը եւ ամենայն պատասխանատւութեամբ կատարողը իրեն վստահուած բոլոր պարտականութիւններուն։ 2001-էն մինչեւ 2009 թուականը երկու շրջանով կ՛ընտրուի Բրիտանահայ Համայնքային եւ Եկեղեցական Խորհուրդի անդամ անվերապահօրէն կատարելով իր ուսերուն դրուած բոլոր պարտականութիւնները ներառեալ տեղւոյս Շաբաթօրեայ դպրոցի հոգաբարձութեան անդամի պարտականութիւնները շուրջ երկու տարի։
Անդրանիկ օրինակելի Հայր էր իր ընտանիքի համար։ Որպէս բարձր ուսման տէր անձնաւորութիւն ամէն ջանք ի գործ դրած է քաջալերելու իր զաւակները նախ օտար երկրի մէջ ըլլալով լաւագոյնս տիրանալու Հայերէն լեզուին ու պատմութեան ապա կարելին ընել հասնելու բարձր մակարդակի մասնագիտութիւններու։ Աւագ աղջիկ զաւակը Ալեակ աւարտելով Լոնտոնի Կայսերական (Imperial) քոլեջը այժմ արդէն ամուսնացած ու ընտանիոք բնակութիւն հաստատած Գերմանիայ՝ Բռեմն քաղաք, կը պաշտօնավարէ Եւրոպական Արբանեակաշինութեան ճարտարարուեստական բաժնին որպէս Արբանեակներու համակարգիչ ինջիներ։ Ալեակ 2020-ի Ապրիլին կը բախտաւորուի աղջիկ զաւակով մը անունը Լուսին, որու գալուստը ամենամեծ հաճոյքն ու ուրախութիւնը կը պատճառէ արդէն մեծ Հայր դարձած՝ Անդրանիկին։ Ան որպէս մեծ Հայր մօտէն կապուած էր Լուսինին երկար ժամեր անցնելով թոռնիկին հետ։ Իսկ կրտսեր որդին Հերոս՝ այժմ նոյնպէս ամուսնացած, աւարտելով Լոնտոնի Բրունել Համալսարանի Համակարգչային գիտութիւններու ճիւղը այժմ կը գործէ որպէս Համակարգչային համացանցերու ինջիներ։
Որպէս հաւատացեալ Քրիստոնիայ Անդրանիկ համեստ էր, ազնիւ եւ յարգուած բոլորի կողմէ։ Ան եղած է տիպար Ամուսին, Հայր եւ մեծ Հայր։
Յիշատակդ անթառամ։
Հողը թեթեւ ըլլայ վրադ սիրելի Անդօ։
Յունուար 2021
Լոնտոն